image
Հրատապ լուրեր:

Իրանցի հազար մարտիկներ զոհուած են Սուրիոյ մարտերուն

Իրանցի հազար մարտիկներ զոհուած են Սուրիոյ մարտերուն

Իրանի իսլամական պետութեան կողմէ Սուրիա ուղարկուած մարտիկներէն 1000-է աւելին զոհուած են այնտեղ տիրող մարտերու ընթացքին: Այս մասին, «Թեսնիմ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, յայտարարած է «Նահատակներու եւ նախկին պատերազմողներու հիմնարկ»-ի ղեկավար՝ Մուհամմետ Ալի Շահիտի Մահհալաթին, «Պասիճ» զինեալ խմբաւորման անդամներուն առջեւ արտասանած իր ճառին մէջ:  

Նշենք, որ Իրանը Սուրիոյ ամենամեծ դաշնակիցներէն է: Ան Աֆղանիստանէն եւ Փաքիստանէն հաւաքագրած եւ Սուրիա ուղարկած է մեծ թիւով զինուորական խորհրդատուներ եւ մարտիկներ, որոնք կը կրեն «Տանտէրերու թամբարաններու պաշտպան» անունը, որ կ'ակնարկէ անոնց Սուրիոյ մէջ գտնուող շիիթ սրբավայրերու պաշտպանութեան կոչուած ըլլալուն: