image
Հրատապ լուրեր:

Ինչո՞ւ քիւրտերը կորսնցուցին Քէրքուքը. արաբական մամուլի անդրադարձը

Ինչո՞ւ քիւրտերը կորսնցուցին Քէրքուքը. արաբական մամուլի անդրադարձը

Արաբական մամուլը կը շարունակէ քննարկել իրաքեան Քէրքուքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Ըստ  «Alquds Al arabi» լրատուամիջոցին, իրաքեան բանակի կողմէ քրտական «Փէշմարկա» ուժերուն Քէրքուքի մէջ պարտութեան մատնելը կապուած է ոչ միայն Իրանի աջակցութեան կամ ԱՄՆ-ի կողմէ Քէրքուքի գործողութեան՝ համաձայնութիւն տալու հետ: «Անկախութեան հանրաքուէի հարցով համառութիւն դրսեւորած Քիւրտիստանի իշխանութիւնները զգալիօրէն կորսնցուցին իրենց «պատկերը» այն բանէն ետք, երբ հանրաքուէի մէջ ներգրաւուեցան նաեւ Քիւրտիստանի ինքնավարութեան մաս չկազմող եւ ըստ Իրաքի սահմանադրութեան վիճելի տարածք համարուող Քէրքուքը», - կը նկատէ պարբերականը:

 

Ըստ «Alquds Al arabi»-ին, Քէրքուքը քիւրտերու ձեռքէն ետ վերցնելը նոյն այդ «պատկեր»-ի բարձրացման խնդիր էր Իրաքի իշխանութիւններուն համար, եւ մասնաւորապէս, վարչապետ Հայտար Ապատիի համար, որ յաջողութեամբ իրականացուց իր առջեւ  դրուած խնդիրը:

 

Բացի այդ, որոշ արաբական պարբերականներ նկատած են, որ ահաբեկիչներու հետ տարիներ շարունակ պայքար մղած Իրաքի բանակի՝ այս ընթացքին վաստակած փորձը մեծ դեր խաղցաւ Քէրքուքը ետ վերցնելու գործին մէջ: Եւ ի հարկէ, սա առիթ էր իրաքեան բանակին  համար, որ ապացուցէր իր միասնական ու ուժեղ «բանակ» ըլլալը:

 

Իր հերթին «Al Arab» պարբերականը նկատած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ո՛չ քիւրտերը հրաժարած են անկախութենէն, ինչպէս կը պնդէր Իրաքի վարչապետ Ապատին, ո՛չ ալ Քիւրտիստանի ղեկավար Մասուտ Պարզանիի ձգտած անկախութիւնը հաստատուած է քրտաբնակ նահանգներուն մէջ: Ըստ լրատուամիջոցին, քիւրտերը անկախութեան միտքէն կը հրաժարին միայն այն պարագային, երբ Իրաքը դառնայ իր բոլոր քաղաքացիներուն համար հաւասար պայմաններ ապահովող ժողովրդավար երկիր:

 

Յիշեցնենք, որ օրերս Իրաքի ուժերը սկսած են երկրի հիւսիսը գտնուող թուրքմէններով, արաբներով եւ քիւրտերով բնակեցուած Քէրքուք շրջանի վրայ գրոհ իրականացնել, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի ու Իրաքի միջեւ վիճելի տարածքներէն մէկը կը համարուի: Կարճ ժամանակ անց իրաքեան բանակը յաջողեցաւ վերահսկողութիւն սահմանել Քէրքուքի օդանաւակայանի եւ կարեւոր նաւթահանքերու նկատմամբ, իսկ քրտական «փէշմարկա»-ն զանգուածայնօրէն նահանջած է զբաղեցուցած դիրքերէն: