image

Ինչո՞ւ էրտողան տապալեց քրտական հարցի լուծումը. Սեւան Նշանեանի անդրադարձը

Ինչո՞ւ էրտողան տապալեց քրտական հարցի լուծումը. Սեւան Նշանեանի անդրադարձը

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի «սուլթանութիւն»ը աւարտած է դեռեւս 2013 թուականի դեկտեմբերին, երբ որոշ ուժերու դրդմամբ բացայայտուեցան կաշառքի հետ կապուած  թղթծարարներ, ուր թաթախուած էր նաեւ Էրտողանն ու իր որդին։ Նման կարծիք յայտնած է պոլսահայ այլախոհ մտաւորական, Սեւան Նշանեան, որ անցեալ տարի  յաջողեցաւ խոյս տալ թրքական բանտէն եւ հաստատուեցաւ Յունաստանի Սամոս կղզին։


Դիմատետրի իր էջին   գրելով  Նշանեան, մեկնաբանելով Թուրքիոյ մէջ վերջին 5 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումները, պնդած է, որ Էրտողանի յետագայ շարք մը քայլեր՝ ինչպէս նաեւ յեղաշրջման փորձի բեմականացումը կամ անոր դիտաւորեալ կանխում չկատարելը արդիւնք են այդ տարաձայնութեան, որ ըստ Նշանեանի, ազգայնական ուժերը կարողացան ճնշման ենթարկել Էրտողանը։

«Այդ ժամանակ ան կրնար զանգուածայնօրէն ուժ կիրառելով մնալ իր դիրքի վրայ։ Սակայն նման ուժ ան չունէր։ Բանակը  հաւատարիմ չէր եւ երբեք չէ ալ եղած։ Ան չէր կրնար զինուորականութեան ու ոստիկանութեան «Կրակէ՛» հրամանը տալ։ Եթէ անոնք (նկատի ունի ներքին ազգայնական ուժերը) ձգէին՝ Էրտողանը կ'իյնար։ Սակայն անոնց ձեռնտու չէր այդ մէկը։ Ան կրնար անոնց գործին ծառայող գործիք դառնալ։ Բացի այդ՝ եթէ այդ շրջանին Էրտողանը իյնար՝ մեծ գլխացաւեր կրնար յառաջանալ։ Լիպիոյ, Իրաքի ու Սուրիոյ օրինակները դեռ թարմ էին», - գրած է Նշանեան՝ նշելով, որ իր ենթադրութեամբ այդ ժամանակ Էրտողանին որոշակի պայմաններ առաջադրուեցան, որու հետեւանքով ալ ան ստիպուած եղաւ ետ կանգնիլ իր բազմաթիւ ծրագիրներէն, ինչպէս նաեւ՝ քրտական հարցի լուծումէն։

«Ըստ իս՝ երեք պայման դրած են։ «Էրկենիքոն» ազգայնական ներքին կառոյցի դատավարութիւններուն վերջ պիտի դրուէր։Երկրորդը՝ քրտական հարցի հետ կապուած բաց քաղաքականութեան վերջ պիտի դրուէր։ Երրորդը՝ հիմք պիտի նախապատրաստուէր բանակի մէջ կիւլէնական գոյացութիւններու լուծարման համար», - շարունակած է Նշանեան։

Պոլսահայ մտաւորականի կարծիքով՝ Էրտողանը այս երեք պայմաններն ալ հրաշալի կերպով կատարեց։

«Էրկենեկոնականները անյապաղ ազատ արձակուեցան, քրտական հարցի խաղաղ լուծումը 2014-ի տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններով ետ մղուեցաւ, իսկ 2015 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններով անոր ուղղակի վերջակէտ դրուեցաւ։ Թէ իսկ կիւլէնականներուն բանակէ մաքրեցին 2016-ի յեղաշրջման փորձի շքեղ գործողութեամբ։ Այդ օրը Էրտողանը ուր էր եւ որու ձեռքն էր՝ անշուշտ, օր մը կը պատմուի», - գրած է Նշանեանը։

Ըստ հայ մտաւորականին՝ Էրտողանը գնաց նման քայլի հասկնալով,որ հակառակ պարագային բազմաթիւ խնդիրներու համար ստիպուած պիտի ըլլայ պատասխան տալ ինքն ու իր ընտանիքը։