«Ռուսաստան դրական կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցքի» ստեղծման», այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան:
Ան նշած է, որ Մոսկուայի կողմէ նախագիծը խոչընդոտելու որեւէ մտադրութիւն չի տեսներ, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:
«Մենք Զանգեզուրի միջանցքի նախագիծը շատ կարեւոր կը համարենք: Ռուսաստան այդ հարցով շատ բարեացակամ է»,-անոր խօսքը մեջբերած է NTV-ն:
Էրտողան նշած է, որ շուտով Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ բանակցութիւններ կը վարէ ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ: «Շուտով ես նոյնպէս կը հանդիպիմ Փութինի հետ»,-աւելցուցած է Էրտողան:
Էրտողան կրկին յիշած է ԼՂ-ի հարցով համագործակցութեան վեցակողմ հարթակի շուրջ Անքարայի եւ Պաքուի նախաձեռնութիւնը Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Իրանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի մասնակցութեամբ: