image

Ի՞նչ ծրագրած էր Լիբանանի մէջ ձերբակալեալ «Տահէշ»ի «Էմիր»ը

Ի՞նչ  ծրագրած էր  Լիբանանի մէջ ձերբակալեալ «Տահէշ»ի «Էմիր»ը

Սայտայի «Այն Ալ Հըլուէ» գաղթակայանին մէջ Լիբանանի ապահովական մարմինները յաջողած են ապահովական կարեւոր յաջողութիւն մը գրանցելով ձերբակալել «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման պատասխանատուներէն՝ Իմատ Եասինը: Այս մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականը, որուն փոխանցմամբ,   ձերբակալեալը կը պատրաստուէր, ոչ միայն գաղթակայանին մէջ «Տահէշ»ի «Էմիրութիւն» մը հաստատել, այլ նոյնպէս կը ծրագրէր ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ: Իմատ Եասին, որ ձերբակալումէն անմիջապէս ետք ենթարկուած է մանրակրկիտ հարցաքննութեան, խոստովանած է, որ ինք կը ծրագրէր սպաննել Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրին: