Ամերիկեան «Monitor» թերթը յայտնած է, որ Մոնտիալի բացման արարողութեան առթիւ կայացած Հարիրի-Փութին հանդիպման ժամանակ քննարկուած են զոյգ երկիրներու համագործակցութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման հարցը:
Աղբիւրին համաձայն, Հարիրի յայտարարած է, որ Մոսկուա կատարած իր այցի ժամանակ քննարկուած հարցերը անմիջականօրէն կապուած են իր նախորդ այցելութեան ընթացքին արծարծուած հարցերուն, որոնցմէ է Ռուսիոյ ներկայացուած խնդրանքը, Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի վրայ ճնշում գործադրելու եւ գաղթականներու հարցը լուծելու:
Գաղթականներու հարցով կողմերը համաձայնութեան եկած են, որ անոնց վերադարձի խնդիրը պէտք է լուծուի միջազգայնօրէն չէզոքացուած Սուրիոյ անմիջական մասնակցութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի զոյգ երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան, ռուսական ընկերութիւններուն կոչ ուղղուած է մասնակցիլ Լիբանանի մէջ նաւթի եւ կազի արտադրման ոլորտներու զարգացման: