image

Հարիրին Թուրքիոյ եւ Սիւննի աշխարհին միջեւ միջնո՞րդ. «Ալ Ժատիտ»ի անդրադարձը

Հարիրին  Թուրքիոյ եւ Սիւննի աշխարհին միջեւ միջնո՞րդ. «Ալ Ժատիտ»ի անդրադարձը

Լիբանանի վարչապետ՝ Սաատ Հարիրիի վերջերս Թուրքիա այցելութիւնը արաբական յանձնարարութեամբ էր՝ Անգարայի եւ Ռիատի բանակցութիւններու դռները բանալու, կը հաղորդէ MEMO-ն՝ յղում ընելով լիբանանեան Al-Jadeed հեռատեսիլային կայանին:

Այս շաբթուայ սկիզբը, Հարիրիի չյայտարարուած այցելութիւնը Պոլիս եւ անոր «անձնական հանդիպումը» Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ նպատակ ունէին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հաւանութեամբ բանալ բանակցութիւնները Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, կը հաղորդէ աղբիւրը:

Անցեալ ուրբաթ, Հարիրին անակնկալ այցելութիւն կատարած էր Թուրքիա:

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը յայտարարած է, որ Էրտողանի Պոլսոյ նստավայրէն ներս երկու ժամ տեւած «փակ» հանդիպումը նուիրուած եղած է տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն եւ կապերու «խորացման ու ամրապնդման», առանց լրացուցիչ մանրամասնութիւններ հաղորդելու:

Միեւնոյն ժամանակ, Հարիրիի գրասենեակը յայտարարած է, որ ան եւ Էրտողան քննարկած են նաեւ «փլուզումը կասեցնելու եւ Պէյրութը վերականգնելու ջանքերուն աջակցելու ուղիները, երբ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն ձեւաւորուի»:

Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան քանի մը տարիէ իվեր տարաձայնութիւններ ունէին իրենց արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային խնդիրներու նկատմամբ վերաբերմունքի հարցով: 2018-ին Պոլսոյ մօտ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան մէջ սէուտցի լրագրող՝ Ճամալ Խաշըքճիի սպաննութիւնը կտրուկ սրած էր լարուածութիւնը: Սակայն վերջին շրջանին յարաբերութիւնները կարծես թէ ջերմացած են, եւ երկու երկիրներու ղեկավարները խոստացած են բարելաւել երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վերլուծաբանները կը կարծեն, որ այդ կարող է կատարուի իշխանութիւն եկող ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընը հանգստացնելու համար: