image

Ի՞նչ պատճառներով վարչապետը երեք խորհրդատու հեռացուց. «Հրապարակ» թերթի տեսակէտը

Ի՞նչ  պատճառներով   վարչապետը   երեք  խորհրդատու հեռացուց. «Հրապարակ» թերթի  տեսակէտը

«Երէկ, վարչապետի հրամանով աշխատանքէն ազատուած են իր երեք խորհրդականները, գլխաւոր խորհրդականներ Արսէն Գասպարեանը եւ Արամ Ղարիպեանը, Մհեր Սահակեանը։ Արամ Ղարիպեանը հին իշխանութիւններու ներկայացուցիչն է՝ նախապէս ֆինանսներու եւ էկոնոմիկայի փոխնախարար եղած է, ապա ՀՀ վարչապետի եւ նախագահի խորհրդական՝ 2008-2018 թուական. 2018-ին նշանակուած է Նիկոլ Փաշինեանի խորհրդական։ Իսկ Մհեր Սահակեանը ժամանակին Չինաստանի մէջ  հայ համայնքի ղեկավարն էր, չինական ուղղութեան մասնագէտ, որ 2017-ին վերադարձած է Հայաստան։ Գասպարեանն ալ մինչեւ 1999-ը աշխատած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ապա մեկնած Ռուսաստան, յետոյ՝ ԱՄՆ, եւ Հայաստան վերադարձած  2018-ին, յեղափոխութենէն յետոյ։

Գրչի մէկ հարուածով զիրենք աշխատանքէ ազատելու փաստը ոմանց տարակուսանքի մատնած է։ Յաջողեցանք  պարզել, որ Արսէն Գասպարեանին հեռացնելու պատճառը, ներդրողներու նկատմամբ անպատշաճ վերաբերմունքն է։ Կառավարութիւնը կասկածներ ունի, որ անոր պահուածքի պատճառով որոշ ներդրողներ հեռացած են Հայաստանէն»,-գրած է «Հրապարակ» թերթը: