Պոլսոյ միաբանութեան անդամ Տ. Զագէոս վարդապետ Օհանեանի տան դռան վրայ հակահայկական գրութիւններ նկատուած են։ Այս մասին լուրը տարածած է «Ակօս»ի կայքէջը։
Նշենք, որ անցնող օրերուն այս երկրորդ դէպքն է որ կը նկատուի Պոլսոյ մէջ, եւ աւելի վաղ Սամաթիոյ շրջանին մէջ ապրող հայաստանցիներու ընտանիք մը նոյն ոճի արարքի մը թիրախ ադարձած էր։ Դիմակաւոր յանցագործներ, ոչ միայն ատելավառ խօսքեր պարունակող թուղթեր տարածած էին, այլ նաեւ դաշունահարած Արփինէ անունով հայաստանցի տիկին մը։
Հաղորդուած էր նաեւ, որ դաշունահարուած կնոջ կեանքին վտանգ չի սպառնար։