«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած հալէպահայ երաժիշտ ՝Մանուէլ Օհանեան
- ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ որոշեցիք ձեր ուսումը Հայաստանի մէջ, երաժշտութեան ուղղութեամբ շարունակել: Արդեօք այդ ժամանկ միտք ունէիք աւարտելէ ետք Սուրիա վերադառնալ, թէ ոչ ի սկզբանէ որոշած էիք Հայաստան մնալ եւ հաստատուիլ:
Հալէպի «Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական դպրոց»ի դաշնամուրայի բաժինը աւարտելէ ետք, որոշեցի իմ բարձրագոյն ուսումս շարունակել Երեւանի «Կոմիտաս»ի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ, խմբավարական բաժին եւ խմբավարական բաժնին մէջ սորվելու իմ որոշումը պատահական չէր, որովհետեւ ի սկզբանէ ծրագիր կար, որ ես այստեղ ուսումս աւարտելէ ետք իմ երաժշտական ծառայութիւնը պիտի շարունակէի Հալէպ՝ իմ ծննդավայրիս մէջ, բայց ինչպէս գիտէք, պատերազմի պատճառով չկրցայ վերադառնալ եւ այնտեղ իրականացնել այդ ծրագիրը: Այս իմաստով առիթը չեմ ուզեր բաց թողել եւ կ'ուզեմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանին, որ այդ ժամանակ օգնեց եւ նեցուկ հանդիսացաւ, որ ես կարենամ ընդունուիլ պետական երաժշտանոց, նաեւ իմ շնորհակալութիւնը կ'ուզեմ յայտնել Հալէպի Համազգայինին, որ նոյնպէս շատ հարցերու մէջ ինծի օգտակար եղաւ, նաեւ՝ Կիւլպէնկեան հիմնարկին, որ առաջին տարին որոշակի գումար հայթայթեց, որպէսզի ես հանգիտ կարենամ իմ ուսմամբ զբաղուիլ, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը. Միութեան, որ այս պատերազմի տարիներուն, ինչպէս գիտէք, սուրիահայ ուսանողներուն նիւթական օժանդակութիւն յատկացուց եւ անոր շնորհիւ ես կրցայ 2-րդ մասնագիտութիւն ձեռք ձգել, այս անգամ որպէս նուագախումբի ղեկավար, այսինքն ես Երեւանի պետական երաժշտանոցէն հիմա շրջանաւարտ եմ ե՛ւ որպէս երգչախումբի խմբավար, ե՛ւ որպէս նուագախումի ղեկավար:
-Ինչո՞վ կը զբաղուիք այժմ
Ներկայիս կ'աշխատիմ երաժշտական եւ արուեստի 4 դպրոցներու մէջ, որպէս աւագ երգչախումբի խմբավար, եթէ ձեզ կը հետաքրքրէ կրնամ թուարկել այդ դպրոցները՝ «Սայաթ Նովա»ի անուան երաժշտական դպրոց, «Աւետ Գաբրիէլեան»ի անուան արուեստի դպրոց, «Ստեփան Ջրբաշեան»ի անուան երաժշտական դպրոց եւ «Կոստանթին Օրբէլեան»ի անուան արուեստի դպրոց:
-Նկատի ունենալով որ, ի տարբերութիւն սփիւռքեան գաղութներուն կամ՝ Սուրիոյ, Հայաստանի մէջ մեծ թիւով երաժիշտներ կան, դժուար չեղա՞ւ ձեզի համար աշխատանքային ասպարէզ մուտք գործելը:
Կրնամ ըսել ամենեւին դժուար չէ եղած ինծի համար աշխատանաքային ասպարէզ մուտք գործել, ես այդ խնդիրը չեմ ունեցած, եւ իմ ուսանողութեան առաջին տարիէն իսկ աշխատած եմ «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցէն ներս, որպէս խմբավար, զուգահեռ աշխատած եմ Հայաստանի «Փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբին հետ, դարձեալ որպէս խմբավար, որու գեղարուեստական խմբավարը կը հանդիսանայ Փրոֆ. Տիգրան Հէքէքեանը, ի դէպ թոյլ տուէք առիթը օգտագործել եւ իմ խորհին երախտագիտութիւնը յայտնել Տիգրան Հէքէքեանին, որ ի սկզբանէ ինծի ճանապարհ ցոյց տուաւ եւ յենարան հանդիսացաւ, որպէսզի ես կարենամ սկսիլ եւ կայացնել իմ երաժշտական գործունէութիւնը:
-Գիտենք որ մօտ օրէն «Սայաթ նովա»ի անուան երաժշտական դպրոցի աւագ երգչախումբի մենահամերգը պիտի կայանայ որուն խմբաւարը դուք էք: Սա ձեր ղեկավարած առաջի՞ն համերգն է, ինչպէս կը պատրաստուիք այդ համերգի՞ն, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:
Այո, 15 յունիսին պիտի կայանայ «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցի աւագ երգչախումբի մենահամերգը: Սա իմ առաջին մենահամերգը չէ, ես 2015 թուականին Մեծ Եղեռնի 100 ամեակին նուիրուած «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագրով համերգ ունեցած եմ «Փարոս» քամերային երգչախումբի հետ: Երեխաներու հետ, այո՛, սա առաջին մենահամերգն է եւ սա իւրայատուկ է այն առումով, որ երաժշտական դպրոցներու պատմութեան մէջ, կամ գոնէ վերջին 7-8 տարիներու ընթացքին, ինչքան ես հոս եղած եմ, Երեւանի մէջ նման մենահամերգ չէ կայացած, որովհետեւ սովորաբար երաժշտական դպրոցներուն մէջ չորս, հինգ, առաւելագոյն 6 ստեղծագործութիւն կը սորվին եւ այդքանով կը բաւարարուին, մենք ալ նախորդ տարիներուն, ըստ ուսումնական ծրագրին այդքանը ըրած ենք, սակայն այս տարի որոշած ենք մրցանիշ սահմանել եւ այս տարուայ մեր երգացանկը բաղկացած է 17 ստեղծագործութիւններէ, ի դէպ այս այս 17 ստեղծագործութիւններէն որեւէ մէկ երգ նախորդ տարիներու երգացանկին մէջ չէ եղած, բոլոր ստեղծագործութիւններն ալ մենք սորված եւ պատրաստած ենք 2017-2018 տարեշրջանին եւ սա ոչ միայն՝ «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցին, այլ ընդհանուր երաժշտական դպրոցներու շրջանին մէջ կարելի է համարել եզակի երեւոյթ, երեխաները նոյնպէս շատ մեծ ոգեւորութեամբ կը պատրաստուին այս մենահամերգին: Լիայոյս ենք, որ յաջող եւ լաւ համերգ պիտի ունենանք , երեխաները արդէն իրենք ալ կը գիտակցին, որ սա աննախադէպ երեւոյթ է եւ իրենք ալ կ'ուզեն որ նշանակալից հետք թողած ըլլան այս երաժշտական դպրոցի պատմութեան մէջ եւ բոլորիդ սիրով կը հրաւիրեմ այդ համերգին, մուտքը ազատ է, ցանկացողներ կրնան գալ, ներկայ գտնուիլ երկար պիտի չըլլայ, 17 ստեղծագործութւին, մէկ մասով, մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, սիրով կը հրաւիրեմ բոլորդ:
-Նկատի ունենալով որ Հալէպի մէջ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր խաղաղութիւն կը տիրէ եւ շատ մը սուրիահայեր կը վերադառնան իրենց ծծնդավայր, դուք ի՞նչ կը մտածէ Հալէպ վերադառնալու հետ կապուած:
Ըսեմ որ Հալէպ հաստատուելու նպատակ չունիմ, մանաւանդ որ հիմա «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք հայրենիքի մէջ նոր՝ շատ դրական եւ յուսադրող իրավիճակ կը տիրէ եւ անպայման կ'ուզեմ նոր Հայաստանի կառուցման մէջ իմ դերակատարութիւնը ունեանալ, սակայն Հալէպը կը մնայ ծնդավայրս եւ եթէ հարկ ըլլայ, այո՛, պատրաստ եմ երթալու եւ որոշ ժամանակ իմ ուժը, իմ գիտելիքները, իմ եռանդը ներդնելու, վերածաղկեցնելու համար հայկական համայնքը: