image

«Հըզպալլա»ն վերացնել. Ահա թէ ինչ խոստացած է Բրիտանացի իսլամ նախարարը

«Հըզպալլա»ն վերացնել. Ահա թէ ինչ խոստացած է Բրիտանացի իսլամ նախարարը

Իսրայէլեան «Jerusalem post» թերթը յայտնած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ, «Հըզպալլա» պիտի  արգիլուի  եւ վերացուի Լոնտոնէն, նկատի ունենալով այն յայտարարութիւնը, որով հանդէս եկած է Բրիտանական պահպանողականներու կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Ներքին գործոց նախարար Սաճէտ Ճաուիտ, թէ ընթացիկ տարուան վերջերը «Հըզպալլա» պիտի վերանայ իր երկրէն:

Թերթին փոխանցմամբ, Ճաուիտ, որ ինքզինք կը համարէ իսլամական ծէսեր չկատարող իսլամ, նման որոշում կայացուցած է այն բանէն ետք, երբ Ռամատանի վերջին ուրբաթ օրը Երուսաղէմի օրուան նուիրուած քայլարշաւի ժամանակ «Հըզպալլա»ի դրօշներ ծածանած են:

Նշենք, որ փաքիստանցի ամատներէ սերող Ճաուիտ ստանձնած է Բրիտանիոյ Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը անցնող ապրիլ ամսուան վերջերը: