Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը Գերմանիոյ կողմէ համարուած է «ահաբեկչական կազմակերպութիւն»։ Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Գերմանական «Պիլթ» պարբերականը յղում կատարելով Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարի բանբերին։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այսուհետեւ «Հըզպալլա»ի բոլոր տեսակի աշխատանքները պիտի հալածուին եւ անոր հետ կապ ունեցող անհատներու դէմ պիտի առնուին վճռորոշ քայլեր։
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ մէջ կ՚ապրին մեծ թիւով լիբանանցիներ, որոնք տարբեր մակարդակի յարաբերութիւններ ունին «Հըզպալլա»ին հետ։
Գերմանիոյ կողմէ առնուած այս քայլը պատահական չէ անշուշտ եւ այն կը կատարուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ «Հըզպալլա»ին դէմ իրականացուող պատժամիջոցներու եւ ընդհանուր հալածանքի մթնոլորտին մէջ։