«Ալ Ժումհուրիյա» թերթի լրագրող Իմատ Մարմալ յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, թէ «Հըզպալլա» սուրիացի գաղթականներու հարցի քննարկողի դերէն անցում կատարած է հարցին լուծում տուողի մակարդակին:
Յօդուածագիրին համոզմամբ, «Հըզպալլա»իւրաքանչիւր հարցի լուծում ստանձնելու պարագային անպայման մինչեւ վերջ կը տանի այդ հարցն ու լուծման կը հասնի, որուն արդունքով ալ մշտապէս թէ' համակիրներու եւ թէ հակառակորդներու վստահութեան արժանացած է այդ առումով:
Մարմէլ կը յայտնէ, թէ ըստ երեւոյթին «Հըզպալլա» որոշած է Սուրիոյ իրաւասու մարմիններու հետ ունեցած իր դրական յարաբերութիւններու շնորհիւ ապահովել բոլոր փախստականներու ապահով տունդարձը, այլապէս ան երբեք պիտի չմիջամտէր, եթէ վստահ չըլլար, թէ դրական արդիւնքի պիտի հասնի:
Այս նպատակի իրագործման համար «Հըզպալլա» քանի մը շրջանի մէջ գրասենեակներ հիմնելով կոչ ուղղած է Սուրիա վերադառնալ ցանկացող գաղթականներուն ներկայանալ ու համապատասխան հարցաթերթիկներ եւ դիմումներ լրացնել:
Շրջանառուող լուրերուն համաձայն, անցնող 4 օրերու ընթացքին նշուած գրասենեակներուն մօտ արդէն 800 դիմում լրացուած է, որոնց թուին են նաեւ ընդդիմադիրներ, որոնք հետաքրքրուած են տունդարձի պայմաններով, եւ ի պատասխան «Հըզպալլա» խոստացած է հարցը քննարկել Սուրիոյ համապատասխան մարմիններուն հետ: