image

«Հըզպալլա» պիտի անսայ Մոսկուայի «թելադրանքներ»ուն

«Հըզպալլա» պիտի անսայ Մոսկուայի «թելադրանքներ»ուն

«Միջին Արեւելք» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր յայտնած է, թէ Ալ Քասիր քաղաքին մէջ ռուսական ոստիկանական ուժերու տարածումը «Հըզպալլա»ի հետ լարուածութիւն ստեղծած է:

Միւս կողմէ լուրեր տարածուած են, որ Սուրիոյ հարաւային շրջաններ վերադարձած են անկէ հեռացած իրանեան ուժերու ներկայացուցիչներ, սակայն սուրիական բանակի տարազներով:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, լարուածութիւնն առաջացած է այն պահուն, երբ քանի մը օր առաջ Լիբանանի սահմանակ Հոմսի մէջ ռուսական զօրքեր տեղակայուած են, առանց Սուրիոյ կառավարութեան հետ նախնական պայմանաւորուածութեան, բան մը, որ Ռուսիոյ կողմէ կատարուած աննախադէպ քայլ կը համարուի:

Աւելի ուշ խնդիրը լուծուած է սուրիական կառավարական ուժերու միջամտութեամբ եւ ռուսական զօրքերու հեռացմամբ:

Նշենք, որ դէպքին առթիւ Սուրիոյ բանակին կողմէ ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակուած է, սակայն տեղական աղբիւրներու համաձայն, ամենայն հաւանականութեամբ Ռուսիոյ կատարած քայլը Իսրայէլը հանգստացնելու նպատակով էր, նկատի ունենալով, որ վերջինս խնդրած էր իրմէ Իրանի ներկայութիւնը զէչոքացնել Սուրիոյ մէջ: