image

Յարութիւնեան-Շոյկու հանդիպում՝ Մոսկուայի մէջ

Յարութիւնեան-Շոյկու հանդիպում՝ Մոսկուայի մէջ

Ուրբաթ՝ 28 Մայիսին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում ՌԴ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի եւ անոր հայ գործընկեր Վաղարշակ Յարութիւնեանի միջեւ. անոնք քննարկած են բոլոր ընթացիկ սուր խնդիրները:

Ռուսաստանի նախարարը առաջարկած է քննարկել տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները:

«Մենք պիտի քննարկենք տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ ուժերու աշխատանքի վերաբերեալ, բայց նաեւ, ի հարկէ, այս պահուն ծագած բոլոր սուր խնդիրները»,- ըսած է Շոյկուն:
«Այսօր մենք պիտի քննարկենք համագործակցութեան մեր բոլոր հարցերը, որոնք, իմ կարծիքով, շատ յաջող կերպով կը զարգանան»,- ըսած է Յարութիւնեանը:

Բանալով հանդիպումը՝ Շոյկուն նշած է, որ Ռուսաստանը եւ Հայաստանը կը զօրացնեն ռազմական համագործակցութիւնը ինչպէս երկկողմ ձեւաչափով, այնպէս ալ միջազգային կառոյցներու, առաջին հերթին՝ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս:

«Մեր զինուած ուժերու միաւորուած խմբաւորման ստեղծման, ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանի հակաօդային պաշտպանութեան միաւորուած տարածաշրջանային համակարգի ստեղծման մասին համաձայնագրերը յաջողութեամբ կ'իրականացուին… Երկկողմ համագործակցութեան բարձր մակարդակի ցուցիչն է Հայաստանի մէջ 102-րդ ռուսական ռազմակայանի գործունէութիւնը, որ մենք կը համարենք տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման կարեւոր գործօն»,- շարունակած է ան:

Շոյկուն շնորհաւորած է Յարութիւնեանը եւ ողջ հայ ժողովուրդը պետական ​​տօնի՝ Հանրապետութեան օրուայ առթիւ:

«Ես կ'ուզեմ շնորհաւորել ձեզ ազգային տօնի առթիւ, որ այսօր կը նշէ ամբողջ հանրապետութիւնը. այս օրով հնարաւոր դարձաւ Ձեր այցը Մոսկուա: Սա կը վկայէ այն մասին, որ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները առաջուայ պէս շատ բարձր մակարդակի վրայ են, եւ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը մենք կը շարունակենք զարգացնել եւ խորացնել»,- յայտարարած է ան: