image
Հրատապ լուրեր:

«Հըզպալլա» կը պատրաստուի հեռանա՞լ Սուրիայէն.

«Հըզպալլա»  կը  պատրաստուի  հեռանա՞լ  Սուրիայէն.

«Հըզպալլա» կը պատրաստուի 2013 թուականէն ի վեր Սուրիոյ մէջ պայքար մղող իր ուժերը հեռացնել: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Ըստ աղբուրին, յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին «Հըզպալլա» իր ուժերու առաջին մասը  պիտի հեռացնէ, որմէ ետք, քանի մը շաբթուան ընթացքին ամբողջովին դուրս պիտի գայ, այսպիսով, մինչեւ 2018 թուական վերջ դնելով իր ռազմական ներկայութեան Սուրիոյ տարածքին, միաժամանակ այնտեղ պահելով իր ռազմագէտներն ու որոշ հրամանատարներ:

 «Հըզպալլա»ի ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ պիտի վերագտնէ նախքան սուրիական ճգնաժամի իր դրութիւնը, սահմանափակուելով Ալ Քոսայրի եւ քանի մը այլ ճամբարներու մէջ իր գոյութիւնը պահպանելով:

Մասնագէտներու վերլուծութիւններուն համաձայն, «Հըզպալլա»ի հեռանալու որոշումը քանի մը պատճառներ ունի, որոնցմէ առաջինը Սուրիոյ պատերազմական թէժ գործողութիւններու աւարտն է, բան մը, որ կը չէզոքացնէ «Հըզպալլա»ի ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը, հետեւաբար վերջինիս պիտի փոխարինեն ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներն ու ազգային ինքնապաշտպանութեան ուժերը:

Երկրորդ պատճառն այն է, որ «Հըզպալլա» կը ձգտի վերադառնալ ու նախապատրաստուիլ Իսրայէլի դէմ հաւանական պատերազմի մի, որուն բռնկումը պայմանաւորուած է իսրայէլեան կողմի տրամադրուածութեամբ ու պատրաստութիւններով:

«Հըզպալլա»ի կարծիքով, Իսրայէլի դէմ պատերազմը սկիզբ պիտի առնէ այն կէտէն, ուր կանգ առած էր 2006 թուականին, այսինքն, ցամաքային յառաջխաղացմամբ պիտի սկսի եւ պիտի փորձէ ներթափանցել դէպի լիբանանեան հողերը: Հետեւաբար «Հըզպալլա» անհրաժեշտ կը համարէ իր ուժերը լայնօրէն տարածել երկրին մէջ ու կրկնապատկել իր հրամանատարներու   պատրաստուածութիւնը: