Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի դէմ բողոքի հաւաք տեղի ունեցած է Պէյրութի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի շէնքին առջեւ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հարիւրի հասնող երիտասարդներ երթով մը հասած են ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի շէնքի դիմաց եւ պարզած են, ՀՅԴ-ի եւ քրտական կուսակցութիւններու դրօշները, ինչպէս նաեւ՝ Օճալանի նկարները: Մասնակիցներուն մէջ եղած են ՀՅԴ «Զաւարեան ուսանողական միութեան» եւ Պէյրութի քրտական կուսակցութիւններու անդամներ: Ներկաները նաեւ պահանջած Պոլսոյ Քրտամէտ HDP կուսակցութեան անդամներու ազատ արձակումը:
Յիշեցնենք, պոր շուրջ տասն օր առաջ Անգարայի իշխանութիւնները ձերբակալութիւն արշաւ մը կատարելով բանտարկեցին HDP-ի տասնեակ պատասխանատուներ, որոնց շարքին էին կուսակցութեան համանախագահներ՝ Սալահէլտին Տէմիրթաշն ու Վիկէն Եուքսէքտաղը:
Լուսանկարը՝ ՀՅԴ «Զաւարեան Ուսանողական Միութեան» Դիմատետրի էջէն: