image

Human Rights Watch-ը զեկոյց հրապարակած է Թուրքիոյ բանտերուն մէջ 15 յուլիսէն ի վեր տիրող «սարսափներու» մասին

Human Rights Watch-ը զեկոյց հրապարակած է Թուրքիոյ բանտերուն մէջ 15 յուլիսէն ի վեր տիրող «սարսափներու» մասին

Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, որու կեդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, հրապարակած է Թուրքիոյ բանտերուն մէջ 15 յուլիսէն ի վեր տիրող վիճակի վերաբերեալ բաւականին մտահոգիչ զեկոյց:

Կազմակերպութեան աշխատակիցները, որոնք դիտարկումներ ըրած են Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու բանտերու մասին, զեկոյցին մէջ յայտնած են, որ երկրի բանտերուն մէջ մարդու իրաւունքները կը ոտնահարուին ամենասարսափելի ձեւով եւ որ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք բանտարկեալներու հանդէպ կիրառուող դաժանութիւնները աւելի սուր բնոյթ ստացած են, կը գրէ թրքական «diken.com.tr» կայքը:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ սպառնալիքներու կ'ենթարկուին ոչ միայն դատապարտեալները, այլեւ անոնց փաստաբաններն ու ընտանիքի անդամները: Բազմաթիւ փաստաբաններ վկայած են, որ իրենց պաշտպանեալները ձերբակալուելէ ետք առնուազն 5 օր զրկուած եղած են փաստաբանի հետ տեսնուելու իրաւունքէ: 
Յետագային նոյնպէս պարբերաբար խոչընդոտուած են փաստաբանի եւ պաշտպանեալի հանդիպումներն ու քննարկումները: Աւելին՝ այս ամէնուն ընդդիմացող փաստաբաններուն կը սպառնան նոյնպէս բանտարկել:

Զեկոյցին մէջ տեղ գտած է 13 առանձին պատմութիւն, որոնք արձանագրուած են ուսումնասիրութեան ընթացքին եւ կազմուած են տարբեր փաստաբաններու եւ դատապարտեալներու վկայութիւններէ:

Վկայութիւններու ընթացքին դատապարտեալները պատմած են, որ իրենք կ'ենթարկուին դաժան ծեծի, ինչպէս նաեւ սեռական բռնութեան, որու արդիւնքով «կը խոստովանին» յաճախ իրենց կողմէ չկատարուած յանցանքներու մասին: Բազմաթիւ դատապարտեալներ պատմեր են, որ իրենք ինքնախոստովանական ցուցմունք գրած են իրենց կամ իրենց ընտանիքի անդամներուն ուղղուած սպառնալիքներէն ետք:

«Նախ այդ անձի ընկերոջ բռնած եւ ծեծի միջոցով ստիպած են, որ զրպարտէ ընկերոջը: Այնուհետեւ այդ ցուցմունքի հիման վրայ ձերբակալած էին վերջինիս: Ոստիկանութեան աշխատակիցը բաժանմունքին մէջ շատ ուժեղ ծեծեր էր անոր: Ետքը սպառնացեր, որ կը բռնաբարէ անոր կնոջը: Անկէ ետք պաշտպանեալս գրած է ինքնախոստովանական ցուցմունք»,- պատմած է փաստաբաններէն մէկը:

Այլ փաստաբան մըն ալ վկայած է, որ հետախուզման մէջ գտնուող անձ մը եկած եւ յանձնուած է ոստիկանութեան այն բանէ ետք, երբ ոստիկանները գերի վերցուցած են անոր մօրն ու երեխային:

Human Rights Watch-ը կոչ ըրած է Թուրքիոյ մէջ հետեւիլ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղուող միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ սահմանուած չափանոշներուն եւ վերջ դնել տարատեսակ բռնութիւններուն երկրի բանտերուն մէջ: