Սուրիա- Քիչ առաջ տեղեկացանք, որ Հալէպի «Նոր Գիւղ» շրջանը ծանր ռմբակոծման թիրախ դարձած է: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրներէն: Նշենք նաեւ, որ ծանր հրթիռարձակումներուն հետեւանքով եւ ըստ նախնական տուեալներու ինկած 4 զոհեր եւ կան շուրջ 35 վիրաւորներ: Հրթիռներէն մին ինկած է «Նոր Գիւղ»ի Զէյթունցիներու շէնքին մօտ: Նշենք, որ մեր տուեալները նախնական են: