26 Յունուարին, ժամը 08:11-ին «911» ծառայութեան տեղեկութիւն հաղորդուած է, որ Երեւան քաղաքի Վազգէն Սարգսեան փողոցի մէջ Փոխադրամիջոցերու, կապի եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու նախարարութեան շէնքի 2-րդ եւ 3-րդ յարկերէն ծուխ կը նկատուի:
Հրդեհի բարդութեան «թիւ 2» կանչով դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն վեց մարտական հաշուարկ եւ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման խումբը:
Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է սենեակներէն մէկուն մէջ: Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 08:32-ին, մարած՝ 08:37-ին:
Այրած են սենեակի յատակէն 1 քմ հատուած, մէկ պահարան եւ մէկ սառնարան՝ մասամբ: Հրդեհի հետեւանքով տուժածներ չկան: