4 Ապրիլին, ժամը 01:38-ին «911» ծառայութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Երեւան քաղաքի Ազգային ժողովի շէնքի 1-ին յարկին վրայ հրդեհ բռնկած է: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն:
Հրդեհի բարդութեան «թիւ 2» կանչով դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն վեց մարտական հաշուարկ եւ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման խումբը:
Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Բաղրամեան 19 հասցէին վրայ գտնուող Ազգային ժողովի 1-ին մասնաշէնքի 1-ին յարկին մէջ՝ «ԱԺ շէնքերու բարեկարգման եւ սպասարկման բաժնին» պատկանող թիւ 139 աշխատասենեակին մէջ։
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 01:57-ին, մարուած՝ 02:05-ին:
Բաժնի պետի տեղակալ Վ.Բ.-ին պատկանող աշխատասենեակին մէջ (18 քմ) ամբողջութեամբ այրած է գրասենեակային գոյքը (1 սառնարան, 1 գրասեղան, 1 ամսագրային սեղան, 4 աթոռ, 1 բազմոց, 1 պահարան, 1 պատուհան եւ 2 համակարգիչ): Պատահարի հետեւանքով տուժածներ չկան: