image

Հրատապ. Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի առաջին զոհը գրանցուեցաւ

Հրատապ. Լիբանանի մէջ   «Քորոնա»ի առաջին զոհը գրանցուեցաւ

Լիբանանի մէջ  «Քորոնա»   վարակի  առաջին  զոհը գրանցուեցաւ։

Այս  մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց   MTV   կայանը, նշելով նաեւ,  որ զոհուած անձը  կը  կը կոչուէր  Ժան Խուրի եւ ան միայն վերջերս  վերադարձած  էր  Եգիպտոսէն։

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Խուրի  կը տառապէր շաքարախտէ  եւ անոր  վիճակի վատացումէն   ասդին      տարուած էր  «Ալ Մահաունաթ»  հիւանդանոց ու պարզուելէ ետք,  հիւանդին՝   «Քորոնա» վարակ ունենալու հանգամանքը Խուրի  փոխադրուած էր    «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան  հիւանդանոց որ   ժամ մը առաջ  կ՚աւանդէր  իր հոգին։

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ  վերջին տուեալներուն համաձայն    կան «Քորոնա» վարակով  տառապող  աւելի քան   40    հիւանդներ։