Ատրպէյճանեան ուժեր այսօր Տաւուշի կողմէն հայկական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են ու հանդիպելով դիմադրութեան ետ շպրտուած են։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ ՝ Շուշան Ստեփանեանը։
Ստեփանեան նաեւ գրած է հայկական ուժեր միայն կանխազգուշացնելէ ետք կրակ բացած են արդէն երկրորդ անգամ սահմանը հատել փորձող ուժերուն, իսկ հակառակորդը կորուստներ տալով լքած է շրջանը։