image

ՀՀ Վարչապետի ուղերձը Արցախի անկախութեան օրուան առթիւ

ՀՀ Վարչապետի ուղերձը Արցախի անկախութեան օրուան առթիւ

Հայաստանի  Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի անկախութեան տօնի առթիւ:  Ուղերձի մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

 

«Սիրելի՛  հայրենակիցներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ Արցախի անկախութեան տօնի առթիւ։ Արցախի ժողովուրդը իր ընտրութիւնը կատարեց պատմական շատ բարդ իրավիճակի մէջ` հռչակելով անկախութիւն։

 

Անցած 27 տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը անցաւ պատերազմներու, աւերներու, մարդկային կորուստներու եւ բազում այլ ծանր փորձութիւններու ճանապարհով։ Բայց, այդ ամէնով հանդերձ, Արցախի Հանրապետութիւնը կայացաւ։ Արցախի Հանրապետութեան անցած 27 տարիները ոչ միայն հերոսական պայքարի, այլեւ մեծ յաջողութիւններու եւ ձեռքբերումներու պատմութիւն են։

 

Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ ուս-ուսի՝ Արցախը այսօր կը շարունակէ ապրիլ ու զարգանալ։ Թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը Հայաստանի մէջ եւս վկայութիւն է հայոց ազատասէր ոգիի եւ անկոտրում կամքի։ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը այսօր աւելի ուժեղ են, որովհետեւ աւելի միասնական են եւ աւելի ազատ։

 

Մարդու ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու ազգի ազատութիւնը մեզի համար անբաժանելի եւ անբեկանելի արժէքներ են։ Արցախի Հանրապետութեան եւ Արցախի հասարակութեան բազմակողմանի զարգացումը ողջ հայութեան կարեւորագոյն նպատակներէն է եւ այսուհետ եւս պիտի ըլլայ։

 

Արցախի անվտանգութիւնը մեր ամենօրեայ ուշադրութեան կեդրոնն է։ Արցախի ճակատագիրը համայն հայութեան գուրգուրանքի առարկան է։ Այդպէս պիտի ըլլայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չենք յանգած խնդիրի խաղաղ եւ արդարացի լուծման։

 

Սիրելի՛ արցախցիներ,

 

Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս գեղեցիկ տօնի կապակցութեամբ։

 

Գլուխ կը խոնարհեմ Արցախի ազատութեան համար զոհուածներու յիշատակի առջեւ։

 

Կը մաղթեմ խաղաղ երկինք, արդար վաստակ եւ ամենայն բարիք։

 

Կեցցէ՛ ազատութիւնը։

 

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը»։