ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան ցաւակցած է, երէկ Անգարայի մէջ գրանցուած պայթումին առթիւ: Բալայաեան այս մասին գրառում մը կատարած է Twitter-եան իր էջով գրելով «Մենք սգում ենք Անկարայի պայթյունի զոհերի համար: Մեր ցաւակցութիւնները զոհերի ընտանիքներին»: Նշենք, որ երէկ Անգարան հարուածած ահաբեկչութիւնը երրորդ է, որ կը պատահի վերջին մէկ տարուան ընթացքին: Երէկուան պայթումին արդիւնքով զոհուած են 34 անձեր մինչ վիրաւորներուն թիւը անցած է 80–ը: