Թուրքիոյ գործողութիւնները պէտք է ցուցադրեն համապատասխանութիւն եգիպտական սկզբունքներու եւ նպատակներու հետ, որպէսզի երկու երկիրներու յարաբերութիւնները դարձեալ կարգաւորուին, կիրակի յայտարարած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեh Շուքրին, հաղորդած է Reuters-ը:
Շուքրին հաստատած է Գահիրէի եւ Անգարայի միջեւ դիւանագիտական մակարդակի կապերու փաստը լարուածութենէն երկար տարիներ անց, սակայն նշած է, որ երկխօսութիւնը սահմանափակ է:
Երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները թուլացած են, երբ Եգիպտոսի բանակը 2013 թուականի ցոյցերէն ետք վտարած էր երկրի նախագահ Մուհամետ Մուրսին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի դաշնակիցն էր:
«Սովորական դիւանագիտական շրջանակներէն դուրս չկայ որեւէ հաղորդակցութիւն: Եթէ Թուրքիոյ կողմէ իրական գործողութիւններ ի ցոյց դնեն համապատասխանութիւն եգիպտական սկզբունքներու եւ նպատակներու հետ, ապա այդ հիմք կը դառնայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար»,-ըսած է Շուքրին:
Անցեալ շաբաթ բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաները յայտարարած են, որ դիւանագիտական երկխօսութիւնը վերականգնուած է, եւ Անգարան կը ձգտի հետագայ համագործակցութիւնը զարգացնել: Էրտողանն ըսած է, որ դիւանագիտական շփումներն «ամենաբարձր մակարդակի վրայ չեն, այլ ուղիղ հակառակը»:
Եգիպտական յատուկ ծառայութիւններու աղբիւրները յայտնած են, որ Թուրքիան առաջարկած է հանդիպում ունենալ՝ համագործակցութիւնը քննարկելու համար:
Երկու տարածաշրջանային գերտէրութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու որեւէ բարելաւում կրնայ հետեւանքներ ունենալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր Գահիրէն եւ Անգարան կը ձգտին ազդել տարբեր թէժ կէտերու մէջ տիրող իրադարձութիւններու զարգացման վրայ եւ հակառակ կողմերու վրայ գտնուիլ միջերկրական ծովու վէճի հարցով: