image
Հրատապ լուրեր:

HDP-ն Յաջողեցաւ Թուրքիոյ Խորհրդարան Մտնել

HDP-ն    Յաջողեցաւ Թուրքիոյ Խորհրդարան Մտնել

 Թուրքիա- (TRT Arabic-Պոլիս) Հրապարակուած են Թուրքիոյ մէջ  այսօր  տեղի ունեցած  ընտրութիւններուն նախնական  արդիւնքները:  Այս մասին կը հաղորդէ   TRT  կայանի  արաբական բաժինը:   Ըստ   նախնական լրատութեան          քուէասնտուկներուն 98  առ 100-ին  հաշուառումէն  ետք արդիւնքները  եղած են        հետեւեալ  կերպ՝

«Արդարութիւն եւ զարգացում»  ( AKP ) կուսակցութիւն-49.73 տոկոս,

 

«Ժողովրդա-հանրապետական» ( CHP) կուսակցութիւն-25.4 տոկոս,

 

«Ազգայնական շարժում» (MHP) կուսակցութիւն-11.9 տոկոս,

 

«Ժողովուրդների դեմոկրատական»   (HDP) կուսակցութիւն-10.9 տոկոս։

 

Նշենք, որ այս    արդիւնքներուն յենուելով` իշխող AKP    կուսակցութիւնը  ձեռք ձգած պիտի ըլլայ ինքնորոյն կերպով կառավարութիւն մը կազմելու   իրաւունքը: