Թուրքիա- (TRT Arabic-Պոլիս) Հրապարակուած են Թուրքիոյ մէջ այսօր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները: Այս մասին կը հաղորդէ TRT կայանի արաբական բաժինը: Ըստ նախնական լրատութեան քուէասնտուկներուն 98 առ 100-ին հաշուառումէն ետք արդիւնքները եղած են հետեւեալ կերպ՝
«Արդարութիւն եւ զարգացում» ( AKP ) կուսակցութիւն-49.73 տոկոս,
«Ժողովրդա-հանրապետական» ( CHP) կուսակցութիւն-25.4 տոկոս,
«Ազգայնական շարժում» (MHP) կուսակցութիւն-11.9 տոկոս,
«Ժողովուրդների դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութիւն-10.9 տոկոս։
Նշենք, որ այս արդիւնքներուն յենուելով` իշխող AKP կուսակցութիւնը ձեռք ձգած պիտի ըլլայ ինքնորոյն կերպով կառավարութիւն մը կազմելու իրաւունքը: