Փաթիլ Ասլանեան/ «Ասպարեզ»
«Աղջիկս… չես կրնար տեղափոխուիլ Հայաստան մինչեւ չամուսնանաս». հայրս կէս լուրջ, կէս կատակ արտայայտեց այս խօսքը 2013ին, երբ վերադարձայ Հայաստանէն Արեւելեան Ամերիկայի Camp Javakhk ծրագիրին մասնակցելէ ետք: Ո՞վ գիտէր, որ մէկ տարի ետք ես արդէն իր խօսքերը պիտի չլսէի ու ապրէի Գորիս: Հայրս լուրը ստացաւ եղբօրմէս եւ անմիջապէս քարտէս մը գտաւ, որպէսզի ցոյց տայ Հայաստանի որ մասն է այս Գորիսը: Մեր Սիւնիք մարզի թաքնուած քաղաքը, որ ամէն Արցախ երթալու ատեն կը տեսնես եւ լուսանկար կ՛առնես իր դարպասներուն դիմաց. այդ է իմ Գորիսը: Հայրս բայց չմոռցաւ իր խոստումը:
Երբ ընկերներս լսեցին որոշումիս մասին, կը կարծէին որ խենթացայ. ոչ թէ Երեւան, բայց մայրաքաղաքէն չորս ժամ հեռու պիտի ապրէի: Օգոստոս 2014ին տեղափոխուեցայ եւ մէկ տարի Գորիսի բնակիչ եղայ: Մէկ տարի ետք որոշեցի Երեւան գալ մշտական ապրելու, բայց այդ փորձառութիւնը անմոռանալի է: Իմ բախտէս, այդ առաջին ձմեռը ահաւոր ցուրտ էր, մանաւանդ որովհետեւ առաջ ձիւն տեսնելու համար պէտք է մէկ ժամ հեռու երթայի: Չեք կրնար պատկերացնել քանի անգամ հիւանդացայ. սովորութիւն դարձած էր արդէն: Օր մը, իմ զաւակներուս կը պատմեմ այն օրերուն մասին, երբ հազարաւոր մեթր կը քալէի ձիւննին մէջ, որ աշխատանքի վայր հասնիմ։ Որքան փոսի մէջ ինկայ այդ կիսաքանդուած ճամբաներուն վրայ:
Հայաստանի մէջ առաջին անգամն էր, որ իմ աչքերով տեսայ համախմբուած հայ ժողովուրդը, երբ Յունուար 19, 2015ին, Աւետիսեան ընտանիքին յուզիչ սպանութեան դէպքը պատահեցաւ Գիւմրիի մէջ: Այս հպարտութիւննը նորէն զգացի ամարան սկիզբը Electric Yerevan-ի շարժման ժամանակ: Քաղաքացիներ միասնաբար բարձրաձայնեցին իրենց դժգոհութիւնը եւ պարտադրեցին, որ կառավարութիւնը ապահովէ մեր իրաւունքները:
Մեր Հայաստանը փոքրիկ երեխայ մըն է, որ դեր ունի երկար ճանապարհ, որպէսզի դառնայ այդ գերազանց երկիրը, որուն մասին բոլորս կ՛երազենք: Մեր երկրի ամէնէն ցած աշխատավարձը, ըստ կառավարութեան որոշումին՝ 55,000 դրամ է (~105 dollar). իսկ երկրի առօրեայ ծախսերը շարունակաբար կը բարձրանան՝ սեփականաշնորհումներու ու մենաշնորհումներու պատճառաւ:
Կանանց իրաւունքներ եւ բռնութիւն, սոցիալական անվտանգութեան սեփականացում, կաշառակերութիւն, ապականութիւն, աշխարհի երրորդ երկիրը, ուր տեղի կ՛ունենայ սեռային ընտրովի վիժումներ, եւ գիտեմ բոլորս կրնանք շարունակել նշել ուրիշ նիւթեր, որոնք պէտք է նկատի առնուին: Եթէ Ապրիլ 1ին գրէի այս յօդուածը, տեղ մը կը նշէյի Արցախի կենսավիճակը: Կը նշեի որ 2015 թուականին հայոց բանակը 40էն աւելի զոհ ունէր Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներուն պատճառով:
Ապրիլ 2ին բնական օր էր՝ խաղաղ, հանգիստ: Արթնցայ, որպէսզի պատրաստուիմ Պրոշեան գիւղ երթալու՝ ի յարգանք գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի, որ երեք տարի առաջ, գիւղապետարանին դիմաց զոհ դարձաւ հայու մը փամփուշտէն: Յանկարծ լուրերը սկսան յայտարարելու, թէ զինադադարը ծանր վիճակի մէջ է: Ապշած ինքնաշարժ նստայ եւ նկատեցի այս անգամ տարբեր է: Պրոշեանի Պանթէոն հասանք, ընկեր Պետոյի, ընկեր Կարօտի, եւ ընկեր Հրաչի վերջին հանգստեան վայրը: Շրջապատուած մեր հերոսներով՝ ոսկորներուս մէջ զգացի, որ մեր տղաքը վերէն մեզ կը նային, որ թիկունք կանգնած են մեր նոր սերունդի հերոսներուն. այն կտրիճ երիտասարդը, որ անքուն կը պաշտպանէ մեր սահմանը: Մեր խիզախ ընկերները, որոնք Արցախի ազատագրման պայքարի ժամանակ թողած էին իրենց ընտանիքները, որպէսզի փրկեն մեր հողերը, այս անգամ նոյնպէս ոտքի կանգնեցան, որպէսզի մեր այսօրուան սերունդը չ՛ապրի պատերազմ եւ չտեսնէ ցաւ: Անգամ մը եւս տեսայ մեր միասնական ուժը:
Այո, Հայաստան ունի խնդիրներ, որոնք ոչ թէ մեր սերունդը՝ այլ յաջորդ սերունդը դեռ պիտի ապրի անոնց հետեւանքներով: Կան ժամանակներ, երբ կը մտածեմ, թէ քայլերս ճի՞շդ են արդեօք: Երբ միայն կ՛ուզեմ ծնողքիս կողքը ըլլալ եւ միշտ կը յիշեմ այն զորաւոր կոչը, որ կ՛ըսէ. «Մենք Ենք Մեր Սարերը»՝ ուժեղ, ամուր եւ անխախտ: Իսկ հայրս, առաջին, ու համոզուած եմ վերջին, անգամն ըլլալով շեղեցաւ իր հիմքէն Հայաստանի պատճառով:
Հրամմեցէ՛ք, եկէ՛ք. եկէ՛ք միասնաբար կերտենք այն երկիրը, որմով միշտ անսասանօրէն կրնանք հպարտանալ եւ ոչ միայն պատերազմի ժամանակ: Ձեռք-ձեռքի բռնենք եւ միասնաբար կերտենք այն երկիրը, ուր կ՛ապրինք: Եկէ՛ք կառուցենք այնպիսի երկիր, ուր ծերանալու բախտը չունեցան Ադամը, Աշոտը, Տիգրանը եւ տասնեակ մեր երիտասարդ զինուորները: Թող հողը թնդայ զինուորի եարխուշտայէն, եւ մեր միասնական ուժի սաստիկ ձայնը հնչէ ողջ աշխարհ՝ այն ժամանակ, երբ տեսնենք մեր իտէալական Հայաստանը: