ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման ու կանխարգելման ազգային կեդրոնէն յայտնած են, որ 11 ապրիլին, ժամը 11։00-ի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման ընդհանուր 966 դէպք (10 ապրիլի դրութեամբ՝ 937)։
Գրանցուած է մահուան 13 դէպք։
Ունինք 173 առողջացած (10 ապրիլին՝ 149)։ Ներկայիս փաստացի բուժում կը ստանայ 780 հիւանդ։ Կատարուած 5144 քննութեան պատասխան եղած է բացասական։