Հանրապետութեան տարածքին՝ 5 ապրիլի ցերեկը, 9-10-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, 6-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, 7-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ, 8-ին Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային շրջաններու մէջ՝ ձիւնի տեսքով։
Քամին՝ հիւսիս-արեւելեան՝ 3-8 մ/վ, առանձին վայրերու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ։
Օդի ջերմաստիճանը 6 ապրիլի գիշերը պիտի բարձրանայ 5-7 աստիճանով, 7-8-ին աստիճանաբար պիտի նուազի 6-8, Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ՝ 10-12 աստիճանով։
Երեւանի մէջ այսօր ցերեկը կը սպասուի՝ +15+17 աստիճան, 6-7-ին՝ ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում մինչեւ 15-17 մ/վ արագութեամբ։ 8-10 ապրիլին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: