Հայաստանի մէջ «Քորոնա» վարակով բռնուած 2 նոր պարագաներ գրանցուեցան։ Այս մասին յայտարարեց ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը։
Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ վարակակիրներուն վիճակը լաւ է եւ անոնք ջերմութիւն չունին։
Նշենք, որ այս դրութեամբ Հայաստանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 6-ի։