image

Հասանով հրամայած է Ազրպէյճանի գրաւած տարածքներու պաշտպանութիւնը ուժեղացնել

Հասանով հրամայած է Ազրպէյճանի գրաւած տարածքներու պաշտպանութիւնը ուժեղացնել

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հրամայած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Ազրպէյճանի գրաւած տարածքներու պաշտպանութիւնը ուժեղացնել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին, նշելով, որ Հասանով այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին:

Ան նաեւ շեշտած է զօրամասերը զինամթերքով ու պաշտպանական սպառազինութեամբ ապահովելու եւ զինուորներուն մարտունակութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը: