«Մեր հաւատքը կու գայ Իմամ Սատըրի ուսմունքէն եւ ըմբռնումներէն». այսօր այսպէս յայտարարած էր «Հըզպալլա» կազմակերպութեան առաջնորդ Սայէտ Հասան Նասրալլա: Նասրալլա, որ խօսած է «Եոմ Ալ Քուտս»ի («Երուսաղէմի օր») առթիւ, անդրադարձած է Լիբանանի դէմ առկայ ահաբեկչական վտանգներուն մասին եւ հաստատած «Մեզի համար բոլոր շրջանները նոյնն են եւ մենք պատրաստ ենք մեր ունեցած բոլոր միջոցներով պայքարիլ ահաբեկիչներուն դէմ»: Նասրալլա իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտած է, որ «Ալ Քահ»ի մէջ ահաբեկչութիւն կատարած ծայրայեղականները այդ շրջանը հասած են Արսէլի լեռնային շրջանններէն: Շիիթ առաջնորդը կոչ ուղղած է լիբանանցիներուն՝ միահամուռ կեցուածքով պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ: Նշենք, որ անցնող երկուշաբթի օր 6 ահաբեկիչներ անձնասպանական պայթումներ կատարած էին «Ալ Քահ» քրիստոնէական աւանին մէջ, կայ 5 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ: