image

Գտածոները արժէքաւոր են, իսկ խաչքարը պիտի փոխադրուի Հայոց Պատրիարքարան. Տ. Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեան բացատրութիւններ տուաւ Arevelk.am-ին

Գտածոները արժէքաւոր են, իսկ խաչքարը պիտի փոխադրուի Հայոց Պատրիարքարան. Տ. Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեան բացատրութիւններ տուաւ  Arevelk.am-ին

Օրերս մամուլէն վերահասու դարձանք, որ Երուսաղէմի հայկական  պատրիարքարանի մօտ գտնուող պարտէզին (կը կոչուէր նաեւ կովերու պարտէզ, որովհետեւ այդ   հատուածին մէջ  կար փոքր ագարակ մը) վերանորոգման աշխատանքներուն ժամանակ հնագիտական կարեւոր նիւթեր յայտնաբերուած են: 

Այս մասին յաւելեալ  տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Արեւելք» դիմեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց Խորհուրդի պատասխանատու՝  Հոգշ. Տ. Պարէտ ծ. վրդ. Երէցեանին։

Հայր Սուրբ, խօսելով այս թեմային մասին, մասնաւորապէս ըսաւ.

«Տեղի ունեցած պեղումները պատմական նշանակութիւն ունեցող հնագիտական պեղումներ են, որ կը կատարուին մեր պարտէզին մէջ, ուր մեծ  կառատուն մը պիտի կառուցուի։ Խաչքարը, որ գտնուեցաւ կ'ենթադրուի, որ 13-րդ դարէն ըլլայ հայկական արձանագրութեամբ, որուն վրայ  գրուած է՝ ի յիշատակ Աստուած  Յիսուսի  եւ միայն այդքան։ Իսկ խաչքարի վարի մասը վնասուած  ու կոտրած է։ Գալով մոզայիքներուն՝Բիւզանդական շրջանէն են եւ  կը պատկանին  5-րդ էն 7-րդ դարու  ժամանակաշրջանին։ Իսկ հնագէտներ  կը կարծեն, որ գտածոները Մէմլուքեան շրջանին ամբողջ հողով ծածկած են ու երեւելին են նաեւ մէմլուքեան շրջանի հետքեր։

Պեղումներու ընթացքին գտնուած են նաեւ մօտ 15 բիւզանդական դրամներ։

Ըսեմ նաեւ, որ գտնուած խաչքարը պիտի տեղափոխուի  Հայոց Պատրիարքութեան թանգարան եւ պեղումները պիտի շարունակուին։ Հողատարածքը մերն է եւ ապագային կը մտածուի այնտեղ  արդիական հիւրանոց մը կառուցել»։