image

Պոլսոյ հայկական շրջանները ծածկուած՝ սպիտակ ձիւնով (Տեսանիւթ)

Պոլսոյ հայկական շրջանները ծածկուած՝ սպիտակ ձիւնով  (Տեսանիւթ)

Պայմանաւորուած Թուրքիան հարուածող ձիւնամրրիկով  Պոլսոյ մէջ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն  սկսեալ առատ ձիւնաթափ  եղած է։Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին Պոլսէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, իր Պոլսոյ հայկական շրջանները նոյնպէս ծածկուած է ձիւնով։ Ի դէպ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» օրաթերթը այսօրուան իր թիւը բացած է մեծ մաղթանքով մը, գրելով որ     երկիր մոլորակին առջեւ նետուած  մարտահրաւէրներէն, «Քորոնա» համավարակի ու այլ հարցերու  երեւումէն անդին  անպայմանօրէն  պէտք ունենալ  յոյս փայփայել, ձիւնին բերած   ճերմակ  քողին  կողքին, պէտք  է անպայման  ունենալ  սպիտակ  օրերու  յոյս եւ  ակնկալութիւն։

 

Լուսանկարին մէջ  Պոլսոյ հայաշատ  թաղերէն համարուող ՝ Ֆէրիւգիղի Սրբոց  Վարդանանց  եկեղեցւոյ տաճարի  գմբէթն է։

 

 Տեսանիւթը՝   թերթիս  բարեկամ՝  Ռոմանոս Ճիզվէճեանի։