image

Հասան Նասրալլա.Մեզի համար Լիբանանեան բոլոր շրջանները արժէքաւոր են

Հասան Նասրալլա.Մեզի համար Լիբանանեան բոլոր  շրջանները արժէքաւոր են

«Մեր  հաւատքը կու գայ Իմամ Սատըրի ուսմունքէն եւ ըմբռնումներէն». այսօր այսպէս յայտարարած էր «Հըզպալլա»  կազմակերպութեան առաջնորդ Սայէտ Հասան Նասրալլա: Նասրալլա, որ խօսած է «Եոմ Ալ Քուտս»ի («Երուսաղէմի օր») առթիւ,  անդրադարձած է   Լիբանանի   դէմ առկայ ահաբեկչական վտանգներուն մասին եւ հաստատած  «Մեզի  համար բոլոր  շրջանները նոյնն են եւ մենք պատրաստ ենք մեր ունեցած բոլոր միջոցներով պայքարիլ ահաբեկիչներուն դէմ»: Նասրալլա իր  խօսքին մէջ նաեւ  շեշտած է, որ «Ալ Քահ»ի մէջ ահաբեկչութիւն կատարած  ծայրայեղականները այդ շրջանը  հասած են  Արսէլի լեռնային  շրջանններէն: Շիիթ  առաջնորդը  կոչ ուղղած է լիբանանցիներուն՝ միահամուռ կեցուածքով  պայքարելու  ահաբեկչութեան  դէմ: Նշենք, որ անցնող երկուշաբթի  օր 6 ահաբեկիչներ  անձնասպանական պայթումներ կատարած էին «Ալ Քահ» քրիստոնէական աւանին մէջ, կայ 5  զոհ  եւ տասնեակ  վիրաւորներ: