Հարիւրաւոր Թուրքմէններ բողոքի հաւաք կատարած են Իրաքի Քէրքուք քաղաքին մէջ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս» պարբերականը յայտնելով նաեւ, որ շրջանի թուրքմէնները կը պահանջեն Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսյէնի իշխանութեան օրերուն իրենցմէ խլուած հողամասերուն վերադարձը: Այս մասին խօսած է շրջանի Թուրքմէն ցեղախումբերու նախագահ Հիւսէյն Մարտան, որ նաեւ յայտնած է, թէ Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան շրջանի աւարտէն ետք, բացի թուրքմէններէն Քէրքուք քաղաքի բոլոր հողամասերը վերադարձուած են իրենց իրաւատէրներուն: Յիշեցնենք, որ Քէրքուքը կը համարուի իրաքեան նաւթահորերու երկրորդ մեծագոյն քաղաքը: