image

Հարաւային Եւ Հիւսիսային Հայկական Դիրքերու Ուղղութեամբ Հակառակորդը Կիրառած է Միջին Հասողութեան Զէնքեր

Հարաւային Եւ Հիւսիսային Հայկական Դիրքերու Ուղղութեամբ Հակառակորդը Կիրառած է Միջին  Հասողութեան  Զէնքեր

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախախարի մամլոյ քարտուղարի հաղորդմամբ, ապրիլի 10-ի լոյս 11-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին արդիւնագործ իրադրութիւնը մնացած է նոյնը: Որոշ հատուածներու վրայ հակառակորդը խախտած է կրակի դադարեցման շուրջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ կիրառելով հրաձգային եւ ականանետային զինատեսակներ: Մասնաւորապէս հարաւային եւ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու վրայ կրակոցներ արձակուած են 60 մմ ականանետէ (2 արկ) եւ ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետէ (14 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:
Մամլոյ Քարտուղարը նաեւ իրազեկ կը դարձնէ, որ կողմերու միջեւ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, այսօրուայ ընթացքին ազրպէյճանական կողմին հնարաւորութիւն պիտի տրուի շփման գիծի վրայ շարունակել դիակներու որոնման աշխատանքները:
Ան նաեւ կը յայտնէ, որ ՊԲ-ի մէկ զինծառայողի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ, որու վերաբերեալ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով կը կատարուին համապատասխան հարցումներ: