Կազայի մէջ իշխանութիւն հաստատած «Համաս» շարժման պատասխանատուներէն Մահմուտ Ալ Զահհար յայտնած է, թէ «Համաս» չի պատրաստուիր համաձայնելու «Ֆաթհ» շարժումէն վտարուած գործիչ՝ Մուհամմատ Տահլանի հետ, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասին դէմ:
Կազայի մէջ, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ան յայտնած է, թէ «Համաս» տարբերութիւն չի գտներ Ապպասի եւ Տահլանի միջեւ. «նկատի ունենալով, որ երկուքն ալ Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն կնքելու գրաւականին բաժանորդներ են»:
Ան նաեւ բացայայտած է, թէ աշխատանքներ կը տարուին «Համաս»-ի եւ եգիպտացի պատասխանատուներու հանդիպման համար, Եգիպտոսի մէջ, նշելով, որ այս առումով «եգիպտական-պաղեստինեան տնտեսութիւնը զարգացնելու եգիպտական որոշումներ կան»: