image
Հրատապ լուրեր:

«Համաս» չի պատրաստուիր Մահմուտ Ապպասի դէմ դաշինք կազմել

«Համաս» չի պատրաստուիր Մահմուտ Ապպասի դէմ դաշինք կազմել

Կազայի մէջ իշխանութիւն հաստատած «Համաս» շարժման  պատասխանատուներէն  Մահմուտ Ալ Զահհար յայտնած է, թէ «Համաս» չի պատրաստուիր համաձայնելու «Ֆաթհ» շարժումէն վտարուած գործիչ՝ Մուհամմատ Տահլանի հետ, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասին դէմ:

Կազայի մէջ, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ան յայտնած է, թէ «Համաս» տարբերութիւն չի գտներ Ապպասի եւ Տահլանի միջեւ. «նկատի ունենալով, որ երկուքն ալ Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն կնքելու գրաւականին բաժանորդներ են»:   

Ան  նաեւ բացայայտած է, թէ աշխատանքներ կը տարուին «Համաս»-ի եւ  եգիպտացի պատասխանատուներու հանդիպման  համար, Եգիպտոսի մէջ, նշելով, որ այս առումով «եգիպտական-պաղեստինեան տնտեսութիւնը զարգացնելու եգիպտական որոշումներ կան»: