image

«Համահայկական Խորհուրդ»ը եւ ... Մենք

«Համահայկական  Խորհուրդ»ը եւ ... Մենք

 Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց օրեր առաջ հայկական սփիւռքի կարեւոր կեդրոնատեղի համարուող Լոս Անճելոսի մէջ տեղի ունեցած «Հանրային քննարկում» մը, ուր մանրամասն կերպով քննարկման դրուած է անցնող սեպտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստան- սփիւռք 6-րդ համաժողովը:

 Հանդիպման ընթացքին հնչած են մտահոգութիւններ, եղած են մատնանշումներ եւ համայնքի երեք քաղաքական-աւանդական ուժերը (ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ) ներկայացնող անձնաւորութիւններ իրենց մօտեցումները ներկայացուցած են կապուած համահայկական խնդիրներուն ու յատկապէս Հայաստանի այսօրուան իրավիճակին մասին: Տեղի ունեցած քննարկումներուն մէջ անկախ ախտաճանաչումներ ընելու ճիգէն յստակ դարձած է նաեւ, որ խօսք առնողներն ու նոյնիսկ ներկաները  անկեղծ են իրենց մօտեցումներուն մէջ:

  Ու ազգային կեանքին մէջ ամէնէն առաջնայինը անկեղծ մօտեցում ունենալն է: Այս մուտքէն ետք յստակ է նաեւ, որ ամբողջ հայութեան համար այսօր կարեւոր  ու սպասելի նախաձեռնութիւն պիտի ըլլայ «Համահայկական խորհուրդ»ին ստեղծումը, որուն ամէնէն առաջնային նպատակը պիտի ըլլայ սեղանին վրայ եղած բոլոր օրակարգերը  անկեղծ եւ դրական ոգիով մը քննարկելը:

Ու կասկածէ վեր է, որ այդ խորհուրդը պիտի ըլլայ բոլորին ամպիոնը:

  Հայաստանի եւ սփիւռքի «թիւ մէկ» գործիչներն ու որպէս ղեկավար ներկայացող անձնաւորութիւնները չեն միայն, որոնք մաս պիտի կազմեն այդ խորհուրդին, այլ բոլոր խաւերէն, բոլոր հատուածներէն, բոլոր համայնքներէն ու կուսակցութիւններէն մարդիկ, որոնք մտահոգ են հայութեան հարցերով եւ որոնք ամէնէն կարեւորը պատրաստ են իրենց իրական բոլոր միջոցները ներդնել, որպէսզի «սայլը տեղէն շարժի»: Այս առումով ալ այս խորհուրդը  բաւարար ներուժը պիտի ունենայ դառնալու այն մարմինը, որ իր մէջ պիտի պարբակէ գործնական ծրագիրներու հաւատացող մարդոց ամբողջութիւնը:

 

 Մենք յոգնած ենք լացապատերէն: Յոգնած ենք անոնցմէ, որոնք կը  գերագնահատեն այսինչ նախարարին, կամ այնինչ պետական այրին, կամ կրօնաւորին հետ «պատկեր մը քաշուելէ»: Յոգնած ենք մանաւանդ անոնցմէ, որ հեռու «արեւոտ» տեղ մը նստած են եւ ամէնօրեայ դրութեամբ «թոյն կը թափեն» Հայաստանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ:

 Յոգնած ենք նաեւ անոնցմէ, որոնց բառարանին մէջ Հայաստան կը նշանակէ «դրամ տալ», քծնիլ, երեւիլ ու հեռուսակայաններէն «խելօք-խելօք» ձաբռտել:

 

 Այս բոլորը մեզ վնասելէ  զատ հարուածի տակ դրած են մեր հաւատքը: Ու այս բոլորը  վնաս  բերած են մեր վարկին ու էութեան:

  Ի վերջոյ մենք ընկրկելու տեղ չունինք այնքան ատեն, որ այսօր Հայաստանի մէջ կայ  հրաշալի սերունդ մը, որուն մեծ խաւը պատրաստ է իր արեամբ մասնկացիլ  հայրենապաշտպանութեան գործին:

 

 Խօսքերէն անդին է այսօրուան սերունդին զոհաբերութեան գինը, որուն ականատես եղանք բոլորս 2016-ի ապրիլին:

  Ու այդ քառօրեայի դասը ապտակ էր մեզի, բոլորիս:

   Այդ ոգիով պիտի շարժինք ու այդ ոգին կիզակէտ դարձնելով պիտի սպասենք նոր նախաձեռնութիւններու,որոնց պսակումը պէտք է դառնայ «Համահայկական խորհուրդ»ի ստեղծումը:

 

 Խմբագիր