image

Հալէպի «Ժամիլիյէ» եւ «Համտանիյէ» շրջանները դարձեալ կրակի տակ.Կան տասնեակ զոհեր

Հալէպի  «Ժամիլիյէ» եւ  «Համտանիյէ»  շրջանները  դարձեալ  կրակի  տակ.Կան  տասնեակ  զոհեր

Հալէպը     կրկին անգամ   դարձած է   ահաբեկիչ   զինեալներու թիրախ։ Այս մասին լուրերը  տարածեցին  Հալէպի մասին  տեղեկութիւններ ներկայացնող  դիմատետրի  էջեր։

Ըստ   վերջին տուեալներուն,  տասնեակ   հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Ժամիլիյէ»  եւ «Համտանիյէ» թաղամասերը՝ պատճառելով   մարդկային  եւ  նիւթական մեծ  վնասներ։

Կը նշուի նաեւ, որ հրթիռներուն հետեւանքով զոհուած են 8  անձեր, իսկ  վիրաւորներուն թիւը  հասած է  15-ի։

«Շապաքաթ   ախպար   Հալապ» էջը  կը  հաղորդէ, որ   հրթիռարձակումներուն հետեւանքով ծանր  վիրաւորուած    8  անձեր փոխադրուած են   Հալէպի «Ալ Ռազի»  հիւանդանոց։

Նշենք, որ անցնող  օրերուն      Հալէպ   դարձեալ   թիրախ  դարձած էր    ահաբեկիչներու    հրթիռարձակումներուն, Հալէպի դէմ    կատարուած  հրթիռարաձկումներու գլխաւոր  կեդրոնը  կը համարուի «Հայ  ալ Ռաշէտին»   շրջանը։