«Հալէպահայութեան սիրտը հանդիսացող «Նոր Գիւղ» շրջանի մօտակայքը գտնուող Պոսթան Փաշա շրջանը յաճախ թիրախ դարձած է զինեալ ահաբեկչական զանազան խմբաւորումներու»,- «Արեւելքին» ըսաւ՝ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան: Տէր Հայրը նաեւ նկատել տուաւ, թէ իր կարծիքով Հալէպի մէջ տիրող ներկայ վիճակին պատճառած ընդհանուր մտահոգութիւնը կը տարուբերի իւրաքանչիւրի ունեցած հաւատքի եւ յոյսի աստիճանէն: «Ճիշդ է որ հորիզոնը այդքան ալ պայծառ չէ, բայց քրիստոնէական մեր յոյսն ու հաւատքը մեզ կը մխիթարեն եւ կը յիշեցնեն որ ամէն ինչ սկիզբ եւ վախճան ունի: Ինչպէս որ Հալէպի փառքի օրերը ապրեցանք, կը հաւատանք որ պատերազմական այս անապահով վիճակը օր մը անպայման վերջ պիտի գտնէ»:
Պատասխանելով հարցին «Կը կարծէ՞ք որ յառաջիկայ հանգրուանին նորէն Հալէպէն մեծ արտահոսք մը տեղի պիտի ունենա՞յ, որով ըստ երեւոյթին Սուրիոյ խնդիրի հանգուցալուծումը մօտ չէ», քահանայ հայրը ըսաւ.«Կարելի է անվարան յայտարարել որ հալէպահայութեան մեծամասնութիւնը լքած եւ գացած է իր ծննդավայրը: Ներկայիս երեք խաւի պատկանող անձեր կը համարին մնալ Հալէպի մէջ: Առաջինը հայրենասիրական զգացումներով առլցուն խաւն է, որ վճռած է գաղութը չպարպել, երկրորդը` միջակ դասակարգն է, որ տասը կը չափէ մէկ կը գործէ, իսկ երրորդը` չունեւորներու մեծ տոկոս մըն է, որուն համար «ո՞ւր երթանք, ի՞նչ ընենք»ը հանապազօրեայ յանկերգ է:
Ընդհանուր յայտարար մըն ալ կայ այս բոլորին քով. «Այնքան ատեն որ մէկը մեզի բռնի ուժով դուրս չի հաներ, մենք պիտի փորձենք դիմանալ եւ գոյատեւել Հալէպի մէջ, մինչեւ յաղթանակ: Ու՞ր պիտի ձգենք մեր եկեղեցիներն ու ազգային կալուածները եւ հեռանանք»: Ապա անդրադառնալով Հալէպի եկեղեցական եւ հոգեւոր կեանքին, ան ըսաւ. «Ներկայիս Հալէպի մէջ կը գործեն երկու եկեղեցիներ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Նոր Գիւղ հայաւանին մէջ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Վիլլաներ թաղամասին մէջ: Երկու եկեղեցիներէն ներս ամէն օր կանոնաւոր առաւօտեան ժամերգութիւն կը կատարուի, իսկ կիրակի օրերը՝ հերթական պատարագ եւ օրինաւոր ծիսակատարութիւններ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցի շաբթուան մէջ ունի իր պատարագի յատուկ օրը: Հիանալին այն է որ տաղաւար տօներուն զոյգ եկեղեցիներէն ներս խուռներամ բազմութիւն կ'ըլլայ, վկայ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, ուր չորս հարիւրէ աւելի հայորդիներ համախմբուած էին եւ երկիւղածութեամբ կը հետեւէին արարողութեան, եւ որպէս ականատեսի կը վկայեմ որ այդ բազմութեան մէջ զգալի է երիտասարդներու յուսադրիչ ներկայութիւնը»:
Տէր Հայրը նաեւ նկատել տուաւ, որ ներկայիս վեց քահանայ հայրեր կը ծառայեն Հալէպի մէջ, որոնք իրենց հովուական այցելութիւններուն, կրօնագիտութեան դասաւանդման եւ ծիսական արարողութեանց կողքին յաճախ ՝ հոգեւոր թեմաներով հաղորդումներ կը ներկայացնեն «Ռատիօ Երազ»ի եթերէն:
Տէր Զարեհ խօսեցաւ Հալէպի պատմական արժէք ներկայացնող Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մասին եւ ըսաւ. «Եկեղեցին կանգուն է ճիտէտիէ շրջանին մէջ: Ճիշդ է վնասուած է, սակայն տակաւին կը շնչէ»:
Աւարտին, Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան մանրամասնօրէն նկարագրեց բոլոր այն կենցաղային դժուարութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին հալէպահայ ընտանիքները, իւրաքանչիւրը իր պարագաներուն համաձայն եւ աւելցուց ըսելով. «Ինչպէս որ բոլոր ժողովուրդը նիւթական վնասներ կրեց այս անողորմ պատերազմին, եկեղեցականներս եւս ունեցանք նիւթական անկումներ, փաստօրէն օրէ օր նօսրացող հայութեան թիւը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ մեր տնտեսական վիճակին վրայ, սակայն տակաւին կը դիմանանք եւ մեր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած են գոյատեւելու եւ դիմադրելու ամէն տեսակի դժուարութիւնները»:
Նշենք, որ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան ամիսներ առաջ Հալէպի Հայ Ծերանոցին վրայ ինկած մէկ հրասանադին հետեաւնքով վիրաւորուած էր: