image

Հալէպի մէջ զոհուած է Սեւան Հատտատը

Հալէպի  մէջ  զոհուած է Սեւան  Հատտատը

Հալէպի  մէջ այսօր  եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով   զոհուած է  Սեւան Պետրոս Հատտատը: Այս մասին  «Արեւելք» լուր   ստացաւ   Հալէպի իր  աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը  նաեւ  յայտնեց, որ Հատտատ   զոհուած է Հալէպի «Թէլէֆոն Հաուայի» շրջանին  մէջ: Հանգուցեալ  Սեւան  Հատտատի     (ծնեալ՝ 1969)    յուղարկաւորութեան  եւ թաղման  արարողութիւնը պիտի կատարուի  վաղը: