Հալէպի մէջ այսօր եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է Սեւան Պետրոս Հատտատը: Այս մասին «Արեւելք» լուր ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Հատտատ զոհուած է Հալէպի «Թէլէֆոն Հաուայի» շրջանին մէջ: Հանգուցեալ Սեւան Հատտատի (ծնեալ՝ 1969) յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը: