Ռուս մէկէ աւելի պատասխանատուներ յայտարարած են, որ Հալէպի մէջ երէկ յայտարարուած հրադադարը յաւիտենական չէ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մօտ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին, խօսելով Հալէպի ընդհանուր դրութեան մասին, ըսած է, որ այսօր քաղաքին մէջ տիրող դրութիւնը յարմարագոյնն է, որպէսզի «Ալ Նուսրա»ի զինեալները հեռանան քաղաքէն: Ռուսիոյ ԱԳ նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին նշած է, որ ռուսական կործանիչներուն ընդդիմադիրներու շրջաններ հարուածել դադրեցնելը յաւիտենական չէ եւ իրավիճակը կրնայ կտրուկ փոխուիլ: Ե՛ւ Սուրիոյ իշխանութիւնները ե՛ւ ռուսական կողմը կոչ ուղղած են մասնաւորապէս Հալէպի արեւելեան հատուածներուն մէջ գտնուող, որպէս «ընդդիմադիր» ճանչցուած զինեալներուն արագօրէն հեռանալ քաղաքէն:
Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ռուսական ուժերը ութ ժամուան համար առկախած են հրթիռարձակումները Հալէպի յատկապէս արեւելեան հատուածներուն ուղղութեամբ եւ անոնք կը սպասեն «ընդդիմադիր» հատուածներուն եւ մասնաւորապէս «Ալ Նուսրա» ճակատի պատասխանին: