«Նախ Ճեմարանի երեխաները իրենց տունը փոխադրեցինք ու ապա վիրաւորները փոխադրելու աշխատանքները ըրինք»,-«Արեւելք»ին յայտնեց հալէպահայ Ս. Խ.ն: Մեր խօսակիցը նաեւ ըսաւ, որ երէկ զոհուած Սեւան Հատտատ Եագուպիյէ շրջանէն էր, եւ անոր ամուսնոյն արաբ-քրիստոնեայ ըլլալուն համար, անոր թաղումը այսօր պիտի կատարուի ոչ հայկական արաբ-քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մը մէջ: «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշեց, որ տասնեակ հայ վիրաւորներ, որոնք երէկ հիւանդանոց փոխադրուած էին, ունին կայուն վիճակ եւ անոնց մէջ վտանգաւոր պարագաներ չկան:
«Մեծ եղան քանդումները, նիւթական մեծ վնասներ կան, եւ Հալէպ երէկ ծանր պատերազմական օր մը անցուց: Հալէպը ռմբակոծողները անցնող հանդարտ օրերէն ետք, ճիգ ըրին կացութիւնը շրջել եւ դժոխքի վերածել մեր առօրեան» յայտնեց ան: «Արեւելք»ի այլ աղբիւր մը նշեց, որ հայութիւնը ուշի-ուշով կը հետեւի զարգացումներուն, քաղաքի բնակիչներուն մօտ կը տիրէ անորոշութիւն եւ մտահոգութիւն` կապուած գալիք օրերուն հետ: Ան նաեւ ըսաւ, թէ երէկ եղածներէն ետք ժողովուրդին մօտ լուրջ մտահոգութիւններ կան: «Ամբողջ քաղաքը դատարկուեցաւ, ու բոլորս անակնկալի առջեւ ենք, որովհետեւ վերջին շաբաթներուն բանակին կատարած գործողութիւններէն ետք, ոչ ոք կը սպասէր, որ Հալէպի այս շրջանները վերստին ծանր ռմբակոծումներու թիրախ դառնան»: Մեր խօսակիցը նշեց, որ ամբողջ գիշեր Սուրիոյ բանակի կործանիչներ ռուսական նեցուկով շարունակած են հարուածել ընդդիմադիրներու շրջանները, սակայն ըստ երեւոյթին «այդ հրթիռարաձակումները ընդդիմադիրները զսպելու զօրութիւն չունին»: Յիշեցնենք, որ երէկ դժոխային օր էր Հալէպի համար, տասնեակ շրջաններ ենթարկուած էին ծանր հրթիռարձակումներու: Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած էին նաեւ տասնեակ հայ վիրաւորներներ ու հայ տիկին մը ՝ Սեւան Հատտատ զոհուած էր: