image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի այսօրուան վիճակը անորոշ է եւ վտանգաւոր.

Հալէպի  այսօրուան վիճակը  անորոշ է եւ վտանգաւոր.

«Արեւելք»ի հարցազրոյցը հալէպահայ իրականութեան մէջ 25-ամեայ վաստակ ունեցող տաղանդաշատ խմբավար՝ Գայեանէ Սիմոնեան- Տէրեանին հետ: «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Հալէպ  բնակող եւ «Զուարթնոց», «Առնօ Պապաջանեան», «Մեսրոպ Մաշտոց», «Սաղմոս», «Կանթեղ», «Մեղրի» եւ այլ երգչախումբեր  ղեկավարած հայրենի խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի հետ, որ կը ներակայացնենք ստորեւ.

  

-Կը խնդրեմ, որ սեղմ տողերու մէջ ներկայացնէք Հալէպի այսօրուան ընդհանուր վիճակը։

 

-Հալէպի այսօրուան վիճակը անորոշ եւ վտանգաւոր կը նկատուի: Այդ անորոշութեան մէջ վտանգներով լեցուն է ապրելակերպը, ուր առկայ են կենցաղային բազմաթիւ դժուարութիւններ, զոհեր, երկարաձգուող պատերազմ...

 

-Սուրիոյ պատերազմէն արդէն անցած են տարիներ։ Պիտի ուզէինք ձեզմէ լսել, թէ ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ այս պատերազմը սուրիահայութեան եւ մասնաւորապէս հալէպահայութեան վրայ։

 

-Սուրիահայ գաղութը պատերազմի հետեւանքով ցիր ու ցան եղաւ աշխարհով մէկ: Հակառակ տարուած ջանքերուն, պահպանելու հալէպահայ գաղութը, սակայն երկարաձգուող պարտերազմը, մարդոց լաւատեսութիւնն ու դիմադրողականութիւնը նուազեցուց, եւ բնականաբար մեծ թիւով ընտանիքներ հեռացան եւ տակաւին կը հեռանան երկրէն:


-Ցայսօր դուք կ’ապրիք Հալէպի մէջ եւ վճռած էք ամէն գնով չհեռանալ հոնկէ։ Ինչո՞ւ այս որոշումը։ Մտահոգ  չէ՞ք Հալէպի ապագայով, տրուած ըլլալով, որ Սուրիոյ տագնապի այս փուլին դրական նախանշաններ չկան, որ երկիրը պիտի կարողանայ արագօրէն դուրս գալ այս սեւապատ փապուղիէն։

 

-25 տարիէ ի վեր ապրելով եւ գործելով Հալէպի հայ համայնքին մէջ, կը կարծեմ որ ոչ մէկուն համար դիւրին է ձգել տքնաջան աշխատանքով ձեռք բերուած նուաճումները, քանդել ամէն ինչ եւ զէրոյէն սկսիլ կեանքը: Մինչ օրս շարունակուող պատերազմին մէջ գոյատեւելու դժուարութիւնը յաճախ կը ստիպէ, որ կորսնցնենք մեր դիմադրողականութիւնը եւ կամքէ անկախ կը պարտադրուինք անցանկալի որոշումներ գոյացնել:

Կ’ուզեմ լաւատես մնալ, շարունակել կեանքը Հալէպի մէջ, հաւատալով այն գաղափարին, որ մօտ է պատերազմի աւարտը եւ մօտ ապագային հալէպահայ գաղութը կը վերագտնէ իր երբեմնի խաղաղ կեանքը:

 

-Հայութիւնը, իր տարբեր շերտերով, երանգներով, կուսակցութիւններով եւ յարանուանութիւններով մեծ ճիգեր գործադրեց յանուն սուրիահայութեան։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք տարուած աշխատանքները։

 

-Յանուն հալէպահայութեան շատ մեծ ճիգեր կը թափուին։ Բոլորին վարձքը կատար։ Սակայն համայնքին մէջ օրէ օր նօսրացող թուային պատկերը ցոյց տուաւ, որ գործադրուող բոլոր ճիգերը բաւարար չէին, կասեցնելու գաղթը։

 

-Վերջին օրերուն շատ կը լսենք այն մասին, որ Հալէպի մէջ անմխիթար վիճակի մէջ եղող մեր հայրենակիցներէն շատեր կը փափաքին Հալէպէն դուրս գալ, բայց գտնուելով ծանր պայմաններու տակ եւ չունենալով  նիւթական պայմաններ կը շարունակեն ստիպողաբար հոն ապրիլ։ Ինչքանո՞վ ճիշդ են այս տեղեկութիւնները եւ այս առումով կրնա՞ք պարզաբանել։

 

-Շրջապատին մէջ կան ընտանիքներ, որոնք ճամբորդելու եւ տեղափոխուելու կարողութիւն չունին, միեւնոյն ժամանակ շատ մեծ է այն ընտանիքներուն թիւը, որոնք հաստատակամ են, իրենց ծննդավայրը, համայնքն ու բնակարանը չլքել։

 

-Ի՞նչ կ'ուզէք փոխանցել այն հալէպահայերուն, որոնք այսօր հեռացած են իրենց ծննդավայրէն ու սփռուած են աշխարհով մէկ։

 

-Հալէպահայ մօտ եւ հեռու բարեկամներուն կը մաղթեմ յաջողութիւն, հակառակ անոր որ վստահ եմ աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուին, Հալէպի ջերմ եւ հոգեհարազատ համայնքային պատկերը չպիտի վերագտնեն։ Բայց,  թող որ անոնց նոր սկսուած կեանքը ըլլայ ապահով եւ յաջողութիւններուն լեցուն։

Ողջոյններս կը յղեմ Քեսապէն, ուր մօտաւոր 20 օրեր առաջ վերսկսուեցան Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի «Կիլիկիա» երկսեռ երգչախումբի փորձերը, տարեթիւիս Սեպտեմբեր 10ին եւ 11ին հանրութեան ներկայանալու համերգային ճոխ յայտագրով, ապացուցելու համայն աշխարհին, որ քեսապցին ընկրկում չճանչնար։ Ճիշդ է որ երկու տարի առաջ ան բռնեց գաղթի ճամբան, սակայն այսօր կրկին կը վերագտնէ իր երբեմնի աշխոյժութիւնը, յոյսն ու հաւատքը ապագայի նկատմամբ եւ իր բնականոն կեանքը կը շարունակէ ի՛ր ծննդավայրին մէջ։

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հալէպահայ մարմիններու տարած գործունէութիւնը անցնող հինգ տարիներուն։


-Բոլոր այն գործունէութիւնները որ տարուեցան պատերազմի ծանր տարիներու ընթացքին, արժանի է միայն ու միայն ամենաբարձր գնահատանքի։ Շնորհակալութիւն բոլորին անխտիր։

 

 

 Հարցազրոյցը ՝  Մարիա Սարգիսեանի