image

Հալէպ 60 օրէ ի վեր կը շարունակէ մնալ առանց ելեքրականութեան

Հալէպ 60 օրէ ի վեր կը շարունակէ  մնալ առանց  ելեքրականութեան

Հալէպ 60 օրէ ի վեր կը շարունակէ մնալ առանց ելեքդրականութեան:  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ անցնող  օրերուն, մասնաւորապէս «Ալ Րամուսէ»  շրջանի ազատագրումէն ետք,   տեղեկութիւններ շրջան ըրին, թէ ելեքդրականութեան ընկերութեան   աշխատանքային խումբեր կարեւոր  նորոգութիւններ կատարած  են  այդ  շրջաններուն  մէջ եւ  դէպի  Հալէպ  ելեքդրական  մատակարարման դրութիւնը պիտի վերադառնայ,  սակայն մինչեւ այս պահը  քաղաքը կը շարունակէ  մնալ   մութի մէջ: Մեր աղբիւրը  նշեց,  որ Հալէպի  հայկական շրջանները   ելեքդրանութիւն  կը ստանան  անահատական  նախաձեռնութիւններով       տեղադրուած  ելեքդրական  շարժակներէ:  Նոյն իրավիճակը կը տիրէ նաեւ կապուած ջրամատակարարման հետ  եւ մինչ կարգ մը շրջաններ      օրական       3-4 ժամ դրութեամբ ջուր կը ստանան, անդին  գոյութիւն ունին  հատուածներ, ուր  ջուրի տագնապը   կը շարուանակուի ակներեւ  կերպով:

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հակառակ  Հալէպի մէջ   «Ալ Ատհա» տօնին առթիւ տիրող  տօնական  մթնլորտին,  քաղաքին մէջ կը տիրէ  զգուշաւոր  իրավիճակ մը: Թէեւ հրադադարը  կը շարունակուի, արդէն  24  ժամէ ի վեր բայց Հալէպի հեռաւոր  արուարձաններուն  մէջ  պայթումի ձայներ կը լսուին: